2015-02-15 12:55:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը` Նոր կարդինալներու հետ համապատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 15 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց համապատարագի սուրբ արարողութիւնը, զոր մատոյց նոր անուանուած կարդինալներու հետ միասին, մասնակցութեամբ, կարդինալական դասին, եպիսկոպոսներուն, կղերին ու բազմաթիւ հաւատացեալներուն եւ կարդինալներու հարազատներուն։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ` մեկնաբանելով Մարկոսի աւետարանէն քաղուած եւ ''Բորոտի Բժշկումին'' հայող օրուան ընթերցումը, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի վարուելակերպի վրայ` հանդէպ տկարին ու աղքատին։
''Տէր եթէ ուզես կրնաս զիս մաքրել'', Յիսուս գթաց վրան, երկարեց ձեռքը, դպաւ անոր եւ ըսաւ. ''Կ՛ուզեմ, մաքրուէ''։ (Մարկ 1, 40-41)։
''Յիսուսի գթութիւնը։ Անոր ուրիշին հետ տառապիլը զինք կը մօտեցնէ ամէն տառապող անհատի'', ըսաւ Քահանայապետը աւլեցնելով թէ ''Յիսուս ունի սիրտ մը որ չամչնար գթութիւն ցուցաբերելէ''։
Սրբազան Հայրը հուսկ մատնանշեց սուրն գրային ընթերցումին այլ մէկ հատուածին` ''Յիսուս չէր կրնար յայտնապէս քաղաք մտնել, այլ կը մնար դուրսը, ամայի տեղեր''(Մարկոս 1,45), ու յայտնեց թէ Յիսուս այսպէս ընելով իր վրայ առաւ նաեւ նոյնինքն ''մեկուսացումը'', Անոր գթասիրութիւնը զինք կը մղէ բաժնեկցելու ''մեկուսացեալին'' փորձառութիւնը։
Այս հատուածներէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ''մեկուսացումի'' երեւոյթի մասին, որ Մովսէսի օրէնքը պարտադրած էր բորոտներուն զանոնք նկատելով ''անմաքուր'', ու հեռացնելով զանոնք ընկերութենէն եւ ընտանեկան պարագաներէն։
Երեւակայեցէք բորոտի մը տառապանքը – ըսաւ Քահանայապետը – ըլլայ հոգեկան ըլլայ ֆիզիկական գետնի վրայ, մեկուսացած հասարակութենէն եւ անտեսուած։
Յիսուս կը յեղափոխէ աս երեւոյթը եւ կը ցնցէ փակ մտայնութիւնը, թէեւ չի ջնջեր Մովսէսի օրէնքը այլ կը լրացնէ զայն։ Յիսուս կը բանայ մտքերն ու նոր հորիզոնները, կը խօսի սիրոյ տրամաբանութեամբ որ կը հիմնուի ազատութեան, եղբայրսիրութեան եւ Աստուծոյ փրկարար կամքին վրայ` ''Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ''։
Յիսուսի համար կարեւորը ` հեռաւորներու հասնիլ ու զանոնք փրկելն է, հիւանդներուն վէրքերը դարմանելն է եւ բոլորը համախմբելն է Աստուծոյ ընտանիքին ներքոյ։
Այսօր եւս – ըսաւ Սրբազան Հայրը - կը գտնուինք խաչմերուկի դիմաց` ընտրել օրէնսդիրներուն ճանապարհը` այսինքն մեկուսացումը, կամ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը որ է ողորմութիւնը։ Եկեղեցւոյ ճանապարհը միշտ Յիսուսի ցոյց տուած ճանապարհն է` ողորմութեան եւ համալրումի ճանապարհը։ Եկեղեցւոյ ճանապարհը կը կայանայ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը որդեգրելու մէջ, որովհետեւ ''առողջները չեն որ պէտք ունին բժիշկին այլ հիւանդները, եւ Յիսուս եկած չէ կանչելու արդարները այլ մեղաւորները` որպէսզի ապաշխարեն''։
Եղբայրսիրութիւնը չէզոք, անտարբեր, գաղջ կամ անկողմնակալ չի կրնար ըլլալ։ Սէրը վարակիչ է, կրքոտ է, ինքզինք կը վտանգէ եւ կը ներառէ։ Որովհետեւ իսկական սէրը միշտ անարժան է, ձրի եւ անվերապահ։
Սիրելի եղբայրակից կարդինալները – ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը. ''Այս է ահա Յիսուսին տրամաբանութիւնը եւ այս է Եկեղեցւոյ ճանապարհը։ Մեր ամբողջական տրամադրելիութիւնը` ծառայելու ուրիշներուն, մեր բնորոշիչ նշանն է ու մեր պատուոյ միակ տիտղոսը։
Սրբազան Հայրը հայցեց Աստուածամօր հովանին որպէսզի սորվեցնէ վախ չունենալ մեկուսացեալները հիւրընկալելու, վախ չունենալ քնքշութենէն եւ ողորմութենէն եւ որպէսզի մեզի պարգեւէ համբերութեան շնորհքը, առաջնորդելու մեզի յանձնուած հօտը, առանց աշխարհի յաջողութիւններ ակնկալելու։
Սիրելի եղբայրներ ձեզ կը խրախուսեմ ծառայելու Եկեղեցւոյ, ծառայելու Խաչեալ Յիսուսին որ կը գտնուի ամէն մէկ մեկուսացեալի մէջ, տեսնել Տէրը ամէն մէկ անօթի, ծարաւ ու մերկ անհատի մէջ, Տէրը ներկայ է նաեւ անոնց մէջ որ հաւատքը կորսնցուցին, անոնց մէջ որոնք բանտն են, որոնք հիւանդ են որ գործազուրկ են եւ հալածուած։ Տէրը ներկայ է բորոտին մէջ ու անոնց մէջ որ հարստահարուած են։ ''Յիշենք միշտ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը որ չվախցաւ բորոտը ողջագուրելն ու ընկալեց բոլոր անոնք որոնք կը տառապին եւ մեկուսացուած են'' ըսաւ Պապը ու խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ մեկուսացեալներու աւետարանին վրայ հիմնուելով է որ կը յայտնուի մեր արժանահաւատութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.